2015-09-19 10:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի` Տիրամօր նուիրուած Տաճարը


(Ռատիօ Վատիկան) Քուպա եւ ԱՄՆկատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին,  Ուրբաթ, 18 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապ` իր սովորութեան համաձայն  առանձնական այցելութիւնը կատարեց Հռոմի Տիրամօր  նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Տաճարին, ուր՝  պահ մը ամփոփուեցաւ ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի - Հռովմէացի Ժողովուրդին փրկութիւն'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ, Տիրամօր հովանիին յանձնելով Քուպա  եւ ԱՄՆ կատարելիք  Միջազգային 10-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը ։

Յայտնենք ապա թէ այս առաւօտ ժամը 9,45-ին, նախ քան օդակայան ուղղուիլը, Ֆրանչիսկոս Պապ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Վատիկանի մէջ հիւրընկալուած սուրիացի գաղթական ընտանիքի անդամները, որոնք` առաջնորդութեամբ Քահանայապետական Ողորմաբաշխ գերապայծառ Քրայեւսքիի,  ուզեցին շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանչիսկոս Պապին` հիւրընկալութեան համար ու Անոր մաղթելու` բարի առաքելական ճամբորդութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.